Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, Առաջնորդարանս, Յունիսի 24ին,  ողջերթի երեկոյթ մը կազմակերպեց ի պատիւ Իրաքի մօտ ՀՀ Դեսպանութեան հաւատարմատար՝ Տիար Ալիկ Ղարիպեանին, դեսպանութեան մէջ վերջինիս պաշտօնը լրանալուն համար:

Ձեռնարկին, որը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, ներկայ էր Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան, Հոգեւորականաց դասը, Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Պաղտատի Միութենական Հաստատութեանց Վարչութիւներու ներկայացուցիչներ եւ Առաջնորդարանի Առընթեր գործող Յանձնախումբերու անդամներէն ոմանք ինչպէս նաեւ Առաջնորդարանի անձնակազմը:

Այս առիթով կարդացուեցան փոխադարձ ողջոյնի խօսքեր:

Առաջնորդարանի կողմէ պարգեւատրուեցան Տիար Ղարիպեանն ու իր Տիկինը:

Շնորհակալութեան խօսք Rafi Amri Loosian-ին լուսանկարները տրամադրելու համար։

About The Author

By iamc