Իւրաքանչիւր ամսուայ առաջին կիրակիին, Պաղտատի Ս. Աստուածածին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցելու սովորութեան համաձայն՝ երէկ, Յուլիսի 2ին, երեկոյեան ժամը 5ին Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ:
Կը կարեւորենք յիշել որ այս պատմական եւ ուխտատեղի դարձած եկեղեցին, յատկապէս Սուրբ Աստուածամօր Վերափոխման Տօնի օրերուն, կ՛այցելեն զանազան դաւանանքներու պատկանող հաւատացեալներ:








