Իրաք գտնուելու առիթով, Յուլիսի 21ին, քաղաքավարութեան այցով,  պատուիրակութեամբ մը Առաջնորդարան  այցելեց Հայաստանի Եզտիներու Ազգային Միութեան նախագահ՝ պարոն Խըտըր Հաջոյեանը, որուն  դիմաւորեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան: Հիւր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Եւրոպայի Եզտիներու ներկայացուցիչ՝ պարոն Հաջի Կասօ, Եզիտխան Հեռուստաընկերութեան հիմնադիր եւ տնօրէն՝ Շէյխ Պարզան Տահլօ եւ Փոքրամասնութիւններու Տեղակատուական Միջազգաին Միութեան նախագահ՝ Մահմուտ Էլ- Մէնտիլը: Հանդիպման ներկայ եղաւ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ պարոն Կարապետ Գալուստեան:

About The Author

By iamc