Յուլիսի 21ին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը  այցելեց  Ասորական Հին եկեղեցւոյ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ այդ եկեղեցւոյ հոգեւոր  պետ ՆՍՕՏՏ Կիորկիս Գ. նորընտիր կաթողիկոսին կողմէ: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ փոխանակուեցան կարծիքներ եւ մտահոգութիւններ համայն Քրիստոնէութեան   ու յատկապէս Իրաքի Քրիստոնեաներուն հետ առնչուող հարցերու մասին: Հանդիպման աւարտին  թեմիս բարեխնամ Առաջնորդը Իրաքահայութեան անունով շնորհաւորեց նորընտիր  կաթողիկոսը եւ իր  սրտաբուխ մաղթանքները  յղեց անոր:

About The Author

By iamc