Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոս 2023-ի առաւօտուն, Իրաքահայ Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան, Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իսլամ կրօնականներ ու պատասխանատուներ._ ١.الشيخ طالب الزبيدي رئيس منظمة رسل السلام للتعايش المجتمعي ٢.الاستاذ احمد زامل رئيس مؤسسة سما العراق الانسانية ٣- الشيخ سعد الدراجي إمام وخطيب جامع وحسينية ومدرسة المحبة الدينية . ٤- الشيخ عبد الوهاب الانصاري إمام وخطيب . Հանդիպման, որուն ներկայ եղան Պասրայի հոգեւոր հովիւ հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Աբղյ. Սաղաթելեան և Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ պարոն Կարապետ Գալուստեան` քննարկուեցան Իսլամ և Քրիստոնեայ ժողովուրդներու միջև արմատացած դարաւոր և բարեկամական յարաբերութիւնները։ “Իսկ այսօրուայ հանդիպումը երախտիքն է այդ յարաբերութեանց, որն վստահաբար աւելի պիտի ամրապնդուի ու յարատեւէ քանի որ հիմնուած է փոխադարձ սիրոյ վրայ” եզրափակեցին ներկաները։








