Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոսի առաւօտուն, Ամենայն Հայոց Հայրապետ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց 8_րդ Համահայկական խաղերուն մասնակցող Իրաքահայ մարզիկներն ու անոնց պատասխանատուները։ Հայոց Հայրապետի ողջոյնի խօսքէն ետք, կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր պարոն Պերճ Թիւֆէնկճեան Առաջնորդարանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հօր խումբը ընդունելու համար, ապա ներկայացուց զանոնք տալով իւրաքանչիւր մարզիկի խաղերուն մասնակցելու մանրամասնութիւնը։ Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Արցախի վիճակին և Լաչինի միջանցքի փակման հետևանքով անմեղ ժողովուրդին դիմագրաւող դժուարութիւններուն մասին ու անոնց հետեւանքները Արցախի, Հայաստանի և Սփիւռքի հայութեան վրայ։ Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը օրհնեց զանոնք ու յաջողութիւն մաղթեց։ Առիթէն օգտուելով, խումբը այցելեց Մայր Աթոռի թանգարանը։




