Այսօր՝ Սեպտեմբերի 5ին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Հայ Կաթողիկէ համայնքի Հալէպի Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Պետրոս Մարիաթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Բարձրաստիճան հոգեւորականները նախ այցելեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին: Ետքը՝  Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս մտերմիկ մթնոլորտի մէջ երկխօսութիւն եղաւ Քրիստոնէութեան հետ առնչուող հարցերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ներկայ վիճակի մասին: Այստեղ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը հիւրերուն հակիրճօրէն ներկայացուց Իրաքահայ Թեմի եւ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ պատմակաը:

Յատկանշական է որ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետ՝ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի հիւանդութեան պատճառաւ՝ Հալէպի Առաջնորդը, քանի մը օրեր առաջ իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ ժամանած էր Պաղտատ, հանդիսապետելու Արհի. Տ. Ներսէս Ժօզէֆ Նորօծ Արք. Զապարեանի գահակալութեան արարողութիւնը: 

Հանդիպման ներկայ եղան Հոգեւորականաց Դասը եւ Կեդրոնական Վարչութիւնը:

About The Author

By iamc