ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՀԱՒՐԵԶՔ

ԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄԷ ԵՏՔ ԿԻՐԱԿԱՆԱՆԱՅ ՀԱՒՐԷԶՔ ԳԻՒՂԻ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ՓԱՓԱՔԸ

Այսօր,  2023 թուականի Սեպտեմբերի 18ին հիմնաքարը դրուեցաւ Իրաքի  Քիւրտական մարզի,  Հաւրէզք հայաբնակ գիւղ  տանող ճանապարհը սարքելու կապակցութեամբ։ Այսպիսով վերջ պիտի գտնէ  գիւղացիներու դէպի մօտակայ քաղաքներ երթեւկութեան  դժուարութիւնը։

Հիմնաքարի զետեղման արարողութեան, զոր գլխաւորեց Տհօքի նահանգապետը, մասնակցեցաւ Իրաքահայ Թեմի Բարեխնամ առաջնորդ հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը։

Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց յարգարժան նահանգապետին  և Սիւմէլի քաղաքապետին Հաւրէզքի բնակիչներու օգտին համար այս ծրագրի գործընթացը սկսելու համար։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ._ “Աստուծոյ նախախնամութեամբ մօտ օրերէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի արժանանամ եպիսկոպութեան աստիճանին, և այսօրուայ եղածը պիտի համարեմ ձեռնադրութեան  առիթով ինծի բաշխուած ամենէն թանկագին նուէրը։”

Յատկանշական է որ այս ազօգուտ  աշխատանքներուն մէջ իր կարևոր ներդրումը բերած էր Քիւրտիսդանի խորհրդարանի նախկին անդամ տիար Երուանդ Էմինեանը։

Հիմնաքարի տեղադրման հանդիսութեան ներկայ եղաւ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ պարոն Կարապետ Գալուստեանը։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: