ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԷՐՊԻԼ

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ և ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԷՐՊԻԼԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Մեր Մայրենի եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն,  Սեպտեմբեր 17ին, Խաչվերացի տօնին առիթով, Կիրակի երեկոյեան հանդիսաւոր Ս.  և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր նշուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը։ Պատարագիչն էր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը։ Պատարագի աւարտին,  մասնակցութեամբ Էրպիլի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Արթուն քհնյ. Խալաթեանի, կատարուեցաւ Անդաստանի կարգ (Ռեհանի օրհնութիւն), ապա Հարիսայի օրհնութիւն։

Պատարագէն ետք և աւանդութիւն դարձած “Դհոլ- զուռնա”ի ոգեշնչող նուագներու ընկերակցութեամբ ներկաները եկեղեցւոյ բակը ճաշակեցին Հարիսան։

Կը կարեւորենք յիշել որ այս հոգեպարար արարողութեանց ներկայ եղան ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Պրն. Արշակ Մանուկեանը, հիւպատոս Պրն. Անդրանիկ Յարութիւնեանը, թեմիս Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, Էրպիլի Թաղական Խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, Հաւրէզքի, Աւզրուկի, Տհոքի Թաղականութեանց ատենապետներն ու

հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն։

Առաջնորդարանի Տեղեկատուական Համակարգ

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: