ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ ՊԱՍՐԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեան ամսոյս 24ին հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Պասրա: Յաջորդ օր, առաւօտեան ժամը 10ին Ան, որպէս եպիսկոպոս իր առաջին պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Պասրայի Ս. Աստուածածին պատմական եկեղեցւոյ մէջ: Այս հոգեպարար արարողութեան ներկայ…
ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԸ ԿԸ ՆՇԷ “ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ՏՕՆԸ”
Առաջնորդարանիս առընթեր գործող Հայոց Ազգային Նախակրթարանը Նոյեմբերի 23ին վարժարանի Կիւլպենկեան սրահին մէջ նշեց “Աշակերտին տօնը”։Համեստ յայտագրով մը ելոյթ ունեցան մեր սիրասուն փոքրիկները։Վարժարանի տնօրէն դոկտոր Սապահ Իլիյան ներկաներուն ողջունելէ ետք շնորհաւորեց աշակերտութիւնը իրենց տօնին առիթով, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին ձեռնարկի…
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԷՐՊԻԼԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՔԱՂԴԷԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՏՈՒՑԱԾ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Ընդառաջելով Ֆրանսիական SOS Քրիստոնէական մարդասիրական հաստատութեան հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը Նոյեմբեր 23ի երեկոյեան ժամը 6ին ներկայ եղաւ յիշեալ հաստատութեան եկեղեցանուէր և մարդասիրական գործունէութեան տասնամեակի առիթով, Էրպիլի “Ս. Պետրոս և Ս. Պօղոս” Քաղդէացիներու եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած…
Ի ՊԱՏԻՒ ԹԵՄԻՍ ԲԱՐԵՋԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ` ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԲԵՆՍԼԻՎԱՆԻԱՅԻ ՄԷՋ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան առիթէն օգտուելով, Բենսլիվանիայի Ս. Սահակ և Ս.Մեսրոպ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդը, ի պատիւ Սրբազան Հօր, Բարի երթի և Եպիսկոպոսացման հանդիսութիւն մը կազմակերպեց Շաբաթ երեկոյեան Նոյեմբերի 4ին։ Նորին Սրբազնութեան այցելութիւնը իր նախկին հօտին աննկարագրելի խանդաւառութիւն և…
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ
ԱՄՆ իր այցելութեան առիթէն օգտուելով` Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը, Նոյեմբերի 5ին հանդիսաւոր Սուրբ և Անմահ պատարագ մատուցանեց և յաւուր պատշաճի քարոզեց Բենսլիվանիայի Ս. Սահակ և Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ։ Յատկանշական է որ Սրբազան Հայրը Իրաքի Թեմին…