Յաջորդ օր, առաւօտեան ժամը 10ին Ան, որպէս եպիսկոպոս իր առաջին պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Պասրայի Ս. Աստուածածին պատմական եկեղեցւոյ մէջ:
Այս հոգեպարար արարողութեան ներկայ եղան՝ Պասրայի Կաթոլիկ Ասորի եկեղեցւոյ առաջնորդը, քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականները եւ այդ եկեղեցիներու վարչականները, Պասրայի հայոց հոգեւոր հովիւ՝ հոգշ. Տ. Ղեւոնդ աբղյ. Սաղաթելեանը, Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, համայնքի հաւատացեալներ ինչպէս նաեւ օտարազգի հիւրեր:
Յետ պատարագին, ներկայացուեցաւ գեղարուեստական բաժին, որու ընթացքին Ծխական խորհուրդը Սրբազան Հօր նուիրեց Պանակէ եւ Ձեռաց խաչ, իսկ համայնքի օտարազգի բարեկամներ՝ Լանջախաչ:
Յատկանշական է որ այս այցելութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՛ընկերանայի»ն արժ. Տ. Յակոբոս քհնյ. Իսահակեանը եւ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ պարոն Կարապետ Գալուստեանը: