Հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի` այսօր, Դեկտեմբեր 1ի առաւօտեան ժամը 10 ին, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցանեց և յաւուր պատշաճի քարոզեց Թեմս հիւրաբար գտնուող, Իրաքահայ համայնքի նախկին զաւակներէն արժ. Տ. Գեղարդ ա. Քհնյ. Կարապետեանը։
Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Տէր Հօր բարի գալուստ մաղթելէ ետք հաւատացեալներուն հակիրճ տեղեկութիւն տուաւ անոր եկեղեցանուէր գործեունէութեան մասին։
Յատկանշական է որ արժանապատիւ Տէր Գեղարդը աւելի քան երեսուն տարիներ, որպէս հոգեւոր հովիւ, կը ծառայէ Գանատայի Վանքուվր քաղաքի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյն։















