Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր, 2023ի առաւօտուն, ի յիշատակ աւելի քան 25 հազար անմեղ զոհերուն, որք կատարեցան 1988ի Հայաստանի  ահաւոր երկրաշարժին` յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի։ Այս առիթով առ Աստուած բարձրացած աղօթքներուն մէջ յիշուեցան նաեւ Արցախի և Ղազզայի նահատակներն ու զոհերը։

Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էին Հոգեւորականաց դասը, Կեդրոնական  Վարչութիւնը, Առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը, Ազգային Նախակրթարանի տնօրէնը, ուսուցչական կազմը և աշակերտութիւնը։

ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ

About The Author

By iamc