Յունուար 6ի առաւօտ, Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Սուրբ Տօներուն առիթով, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան, Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ մատուցուեցաւ Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարգիչն էր Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը:

Յընթացս Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը: Աւարտին, Սուրբ Միւռոնով օրհնուած ջուրը բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն որպէս նուիրական դարման հոգեկան եւ մարմնական հիւանդութիւններու:

Սուրբ  Պատարագին ներկայ եղաւ Իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդ Գեր. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը,   ՀՀ Դեսպանութեան յարգարժան Հաւատարմատարը և հիւպատոսը, Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, ինչպէս նաև Իսլամ այցելուներ։

Պատարագէն ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դահլիճէն ներս  ընդունեց հիւրերու և հայ հաւատացեալներու շնորհաւորանքները։

Յ.Ք. Առաջնորդարանիս տեղեկատուական Գրասենեակը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Պարոն Րաֆֆի Լուսեանին, օրուան լուսանկարները սիրայօժար տրամադրելուն համար:

About The Author

By iamc