Տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գեր. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի եւ հետեւողութեամբ ու նիւթական օժանդակութեամբ Ռեճինէ Կարապետ Աղեքսանդրեան Աւանդապահութեան գործադիր վարչութեան՝ Պաղտատի Ս. Կարապետ եկեղեցին (կառուցուած 1973 թ.) վերջերս ենթարկուեցաւ հիմնական նորոգութիւններու: Եկեղեցին արտաքուստ եւ ներքուստ ներկուեցաւ: Ս. Խորանն ու ատեանը սալարկուեցան: Աւանդատունը ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ: Սալայատակը արդիականացուեցաւ ինչպէս նաեւ մկրտութեան աւազանը նորով մը փոխարինուեցաւ: Սբ. Սեղանին եւ Մկրտութեան աւազանին համար սրբապատկերներ պատրաստուեցան (գործ՝ նկարիչ Անդրանիկ Յովհաննէսեանի)։
Հետեւաբար երկու օրերու ընթացքին եւ տնօրինութեամբը Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդին՝ կատարուեցան հետեւեալ հոգեպարար արարողութիւնները:
Շաբաթ օր երեկոյեան, Յունուարի 13ին, ի Տօնին Անուանակոչութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի կատարուեցաւ Նաւակատիք ինչպէս նաեւ երկու սրբապատկերնրու օծման արարողութիւնը: Օծումը միասնաբար կատարեցին Առաջնորդ Տ. Օշական Սրբազանը եւ նախկին Առաջնորդ՝ Տ. Աւագ Սրբազանը:
Յաջորդ օր, Կիրակի 14ի առաւօտուն, Յովհաննէս Մկրտիչի Ծննդեան Տօնին, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հայրը վերաօծումը կատարեց Եկեղեցւոյ Սբ. Սեղանին, ապա Աւագ Սրբազանի հետ միասին օծեց Մկրտութեան նորաշէն Աւազանը: Օծման նուիրական արարողութիւններէն ետք՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վերաօծ Սեղանին վրայ մատուցեց Անդարանիկ Սբ. պատարագը:
Յետ պատարագին, կատարաուեցաւ Հարիսայի օրհնութիւն, որու ընթացքին Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Կարապետ անունը կրող չորս հայորդիներ:
Յատկանշական է որ այս հոգեպարար արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Պաղտատի հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ քհնյ. Արշակեանը. Էրպիլի, Տհօքի եւ Զախոյի հայոց հոգեւոր հովիւներ՝ Տ. Արթուն քհնյ. Խալաթեանը. Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեանը եւ Տ. Յակոբոս քհնյ. Իսահակեանը, նաեւ բարեշնորհ սարակաւագներ՝ Արամ Քէթէնճեանը, Յովսէփ Մեսրոպեանը եւ Արա Միրզոյեանը ինչպէս նաեւ դպրապետ պարոն Ստեփան Յարութիւնեանը:
Այս հոգեշէն արարողութեանց ներկայ եղան ՀՀ Դեսպանութեան մեծարգոյ Հաւատարմատար՝ Պարոն Ռուբէն Սողոյեանը եւ Հիւպատոս՝ Պարոն Հրաչեայ Յովհաննէսեանը, Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները, Եկեղեցապան Մարմինը, Ռեճինէ Կարապետ Աւանդապահութեան գոծադիր Վարչութիւնը եւ Ազգային Ծերանոցի Խնամակալ Յանձնախումբը, որոնք պատրաստած էին օրուայ Հարիսան: Ըստ սովորութեան Հարիսան, որպէս սիրոյ ճաշ՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ հրամցուեցաւ բոլոր ներկաներուն:
Արամ սրկ. Քէթէնճեան
14 Յունուար, 2024
Յ.Գ
Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակը շնորհակալութիւն կը յայտնէ պարոն Վահէ Աւետիսեանին եւ Մասիս Մեսրոպեանին լուսանկարները տրամադրելու համար: