Այսօր՝ Յունուար 31ի առաւօտուն, թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը եւ Իրաքի Ղպտիներու Առաջնորդ՝ արժ. Հայր Մինան ( أبونا مينا ) քաղաքավարութեան այց կատարեցին Իրաքի Քրիստոնէից, Եզտի եւ Մէնտայի կրօններու Աւանդապահութիւն եւ ընդունուեցան այդ տնօրէնութեան նորանշանակ նախագահ՝ դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Սուլտուզեանի կողմէ:
Ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր փոխանակելէ ետք՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կողմերը զրուցեցին Իրաքի Քրիստոնէութեան հետ առնչուող հարցերու մասին:
Հանդիպման ներկայ էր Աւանդապահութեան Վարչական բաժնի ընդհանուր տնօրէն՝ պարոն Նովակ Պետրոսեանը:





