Էրպիլ կեցութեան առիթէն օգտուելով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ամսոյս 8ի առաւօտուն Անքաուայի մէջ այցելեց Քաղդէացւոց Պատրիարքարան։
Սրբազան Հօր ընդունեց Նորին Սրբութիւն Լուիս Սագօ Պատրիարքը։
Յետ Զատկական շնորհաւորանքներու փոխանակման, երկու հոգեւոր պետերը քննարկեցին Իրաքի Քրիստոնեարուն հետ առնչուող զանազան հարցեր։
Հանդիպման ներկայ էին` Գերշ. Տ. Թովմաս Միրմ Արքեպիսկոպոսը, դոկտոր Ըխլասս Ճերճիս Մակտեսին ինչպէս նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր այս այցելութեան ընկերացող Արժ. Տ. Արթուն քհն. Խալաթեանը և բրշհ. Արամ սրկ. Քէթէնճեանը։
Հանդիպման աւարտին յուշանուէրներ փոխանակելէ ետք` Առաջնորդարանիս պատուիրակութիւնը հիւրասիրուեցաւ սիրոյ ճաշով։




