Այսօր, առաւօտեան ժամը 10:00 ին թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Իրաքի եւ համայն աշխարհի Քաղդէացւոց եկեղեցւոյ նախագահ՝ Նորին Սրբութիւն Լուիս Ռ. Սագօ Պատրիարքը եւ պատուիրակութեան անդամներ՝ Գերշ. Տ. Վասիլիոս Ելտա եւ Գերշ. Տ. Թոմա Միրըմ Արքեպիսկոպոսները, որոնք եկած էին պաշտօնական այցով եւ Սուրբ Զատիկը շնորհաւորելու:
Պատուարժան պատուիրակութեան ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքեր յղելէ ետք՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հակիրճ կերպով ներկայացուց Իրաքի հայ համայնքը, Պասրայէն մինչեւ Զախօ եկեղեցիներու եւ բնակչութեան մասին: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ փոխանակուեցան զանազան այլ հարցեր ու յատկապէս Իրաքի Քրիստոնեաներուն հետ առնչուող խնդիրներ:
Այցելութեան առիթով Սրբազան Պատրիարքը, Առաջնորդ Սրբազանին պանակէ մը նուիրեց, որն սիրով ընդունելէ եւ երախտիքի խօսքեր յայտնելէ ետք՝ իր հերթին Իրաքահայոց պատմութիւնը եւ Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող քանի մը գիրք նուիրեց Նորին Սրբութեան:
Հանդիպման ներկայ եղան Հոգեւորականաց Դասը, Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետն ու անդամները:
Յիշատակութեան արժանի է որ սոյն այցելութիւնը, Նորին Սրբութեան որպէս Պատրիարք, Առաջնորդարանիս տուած առաջին այցելութիւնն է:














