Հետեւեալ թղթակցութիւնը ստացանք արժ Տ. Յակոբոս քհն. Իսահակեանէն, որն Արեւմտահայերէնի վերածելէ ետք` կ’արտատպենք նոյնութեամբ։
(Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ)
<< Ուրբաթ օր, Դեկտեմբերի 20-ին Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ։ Պատարագը մատուցեց Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Արթուն քհն. Խալաթեանը և յաւուր պատշաճի քարոզեց Տհօքի Ս. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մասիս քհն. Շահինեանը։ Պատարագի աւարտին Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն բերուած նոր օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնը բաշխեց քահանայ հայրերուն և կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ Պաղտատ ծառայած նախկին հոգեւոր սպասաւորներուն և Թեմին մէջ պաշտօնավարած անձանց համար>>։
Լուսանկարները`
Վահիկ Աւետիսեան և
Մարիամ Մարտիրոսեան


























