Հետեւեալ թղթակցութիւնը ստացանք արժ. Տ. Յակոբոս քհն. Իսահակեանէն, որն Արեւմտահայերէնի վերածելէ ետք կը հրապարակենք նոյնութեամբ։
(Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ)
Տարւոյս Դեկտեմբեր 21ին, Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը ուղեկցութեամբ Իրաքի Թեմը ծառայող քահանայ հայրերուն և Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ պարոն Կարապետ Գալուստեանի, այցելեց Իրաքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն։ Ջերմ և մտերմիկ հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց պարոն Ռուբէն Սողոյեանին Իրաքի մօտ ՀՀ դեսպան նշանակուելու կապակցութեամբ և մաղթեց հայրենաշէն ու բեղմնաւոր գործունէութիւն։ Իր հերթին մեծարգոյ պարոն դեսպանը յայտնեց իր ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնն այցելութեան համար։