Ներկայութեամբ Իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի, Ուրբաթ, Փետրուար 28ին, ի Տօնին Սրբոց Վարդանանց Զօրավարացն, Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ Պաղտատի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ ։ Պատարագիչն էր արժ. Տէր Գէորգ քհն. Արշակեանը։

Յետ պատարագին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նորօք հանգուցեալ պարոն Վահէ Ասատուրեանի հոգւոյ խաղաղութեան համար, որմէ ետք Գերաշնորհ Տ. Աւագ Սրբազանը ներկաներու ցաւակցութիւններն ընդունեց Ազգային Ծերանոցի դահլիճէն ներս։

Սուրբ Պատարագին  ներկայ եղան` արժ. Տ. Արտակ Քհն. Միրզոեանը,  Իրաքի մօտ ՀՀ դեսպան  Տիար Պրն. Ռուբեն Սողոյեանը, կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, Եկեղեցապան Մարմինը, ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը եւ հաւատացեալներ։

Լուսանկարները’

Մասիս Մեսրոպեան

About The Author

By iamc