Հովանաւորութեամբ Իրաքի եւ համայն աշխարհի Քաղդէացւոց եկեղեցւոյ պետ` Նորին Սրբութիւն Լուիս Ռ. Սագօ Պատրիարքին, Երկուշաբթի օր, ամսոյս 24ին յիշեալ եկեղեցւոյ երիտասարդական մարզական յանձնախումբը Մար Կորկիս եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպեց “Պապ Ֆրանցիսկոս” ֆութպոլի տարեկան 4-րդ մրցոյթը։ Բացման արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէր նաև Իրաքահայ Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը` սկսաւ Տէրունական աղօթքով։
Կը կարեւորենք յիշել որ յիշեալ մրցույթին, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ կը մասնակցի “Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ” Մայր եկեղեցւոյ ֆութպոլի խումբը։











