Հովանաւորութեամբ Իրաքի եւ համայն աշխարհի Քաղդէացւոց եկեղեցւոյ պետ` Նորին Սրբութիւն Լուիս Ռ. Սագօ Պատրիարքին և մասնակցութեամբ Իրաքահայ Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի` Երկուշաբթի օր, ամսոյս 7ին տեղի ունեցաւ “Պապ Ֆրանցիսկոս” ֆութպոլի տարեկան 4-րդ մրցոյթի եզրափակիչ խաղը պատրիարքարանի մարզադաշտին մէջ։
Խաղերու աւարտին Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդը նուէրներ բաշխեց (Մար Իւսըֆ) ախոյեան խումբի մարզիկներուն։
Կը կարեւորենք յիշել որ այս մրցոյթին կը մասնակցէր նաև Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մարզական խումբը։










