Կիրակի, ամսոյս 13-ին Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագը մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը։ Պատարագին, որուն կը մասնակցէր սոյն եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Արթուն Քհնյ. Խալաթեանը, կատարուեցաւ Անդաստանի կարգ եւ Մանուկներու օրհնութիւն։












