Գլխաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, Սեպտեմբերի 14ին, ի Տօնին Խաչվերացի, Առաջնորդական Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Էրպիլի “Ս. Խաչ” եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագին մասնակցեցան Էրպիլի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արթուն Քհն. Խալաթեանը, Տհօքի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մասիս Քհն. Շահինեանը եւ Զախոյի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբոս Քհն. Իսահակեանը։
Յետ Պատարագին, եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ Անդաստանի կարգ եւ աւանդութիւն դարձած Ռեհանի օրհնութիւն։
Այս հոգեպարար արարողութեանց ներկայ եղան` քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ, Էրպիլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Պրն. Ռաֆայէլ Մովսէսեանը, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն ոմանք, Իրաքի Հիւսիսային շրջանի Քիւրտական մարզի հայաբնակ գիւղերու և քաղաքներու Թաղական Խորհրդոց ատենապետներն ու անդամները ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն։
Լուսանկարները՝
Պրն․ Վահիկ Աւետիսեան





































