Այսօր` Ապրիլի 19-ին, Իրաքի Հիւսիսային շրջանի Հաւրէզք և Աւզրուկ զուտ հայկական գիւղերուն մէջ մատուցուեցաւ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ Սուրբ պատարագ։ Տնօրինութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի`
Հաւրէզք գիւղի “Սուրբ Սարգիս” եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տէր Յակոբոս քհն. Իսահակեանը, իսկ Աւզրուկի “Սուրբ Վարդան” եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցանեց Տէր Մասիս քհն. Շահինեանը։
Յատկանշական է որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որն այս օրերուն հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Իրաքի Հիւսիսային շրջան, այսօր այցելեց Հաւրէզք գիւղը և Ճրագալոյցի պատարագին ընդառաջ “Սուրբ Սարգիս” եկեղեցիին պատարագիչի զգեստ նուիրեց և Պատարագը սկսելէառաջ, իր ձեռամբ կատարեց զգեստի օրհնութեան կարգը։ Սրբազան Հայրը իր օրհնութեան խօսքը փոխանցելով ներկաներուն ըսաւ, <<… Յարութեան յաղթանակը Տիրոջ անսահման սիրոյ պտուղն էր մեր հանդէպ ունեցած, ուստի մենք ևս միմեանց նկատմամբ նմանօրինակ սէր ունենալով է, որ մեր կեանքէն ներս պիտի ճաշակենք և զգանք լոյսի յաղթանակը>>։









