Այսօր` օգոստոսի 29-ին, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, Հաւրէզք գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագը մատուցեց Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբոս քհն. Իսահակեանը։ Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը օրհնեց եկեղեցիին նուիրաբերած Սուրբ Սարգիսի պատկերը կրող Խաչվառը, ապա իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց հաւատացեալներուն։
Լուսանկարները`
Պրն. Վահիկ Աւետիսեան





















