Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ  Գերշ. Տ․ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ ամեակի առիթով, Ուրբաթ  Ապրիլի 26-ին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ  “Սուրբ Կարապետ” Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն ու օրուայ քարոզխօսն էր արժ. Տ. Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանը ։

 Այնուհետեւ ներկաները Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորած  թափօրին հետեւելով ուղղուեցան  դէպի  Խաչքար- Յուշարձանը  ու այնտեղ զետեղեցին սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած իրենց սրտաբուխ ծաղիկներն ու ծաղկեպսակները:

Յատկանշական է որ այս հոգեպարար արարողութեանց ներկայ եղան նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, Հոգեւորականաց դասը, Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Պրն․ Ռուբէն Սողոյեանը, Դեսպանութեան հիւպատոս  Օրդ․ Զարուհի Ներսէսեանը, Ասորական Տէմոքրաթ կուսակցութեան քարտուղար  պարոն Մունիր Նիսանը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն․ Կարապետ Գալուստեան եւ  անդամները, Պաղտատի Հայ Միութենական Հաստատութեանց Վարչութիւնները, Առաջնորդարանի առնթեր գործող յանձնախումբերը, ՀՄԸՄ-Ի և Բարեգործական միութեան Սկաուտութիւնը և հոծ բազմութիւն։

Լուսանկարները`

Րաֆֆի Էմրի Լուսեան

Մասիս Մեսրոպեան

About The Author

By iamc