Հովանաւորութեամբ Իրաքահայ Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ`Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, Հինգշաբթի 24 Ապրիլ 2025-ին, Տհօքի “Սուրբ Ներսէս Շնորհալի” Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին, մասնակցութեամբ “Շնորհալի” դպրաց դասին եւ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան։
Ձեռնարկին ներկայ եղան` Էրպիլի մէջ ՀՀ հիւպատոս պրն. Րաֆաէլ Մովսէսեանը , Տըհօքի, Հաւրէզքի եւ Աւզրուկի թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, հայաբնակ գիւղերու Մուխթարները, բազմաթիւ հավատացեալներ եւ հիւրեր։
Աւարտին` յարգանքի Ծաղկեպսակներ ու ծաղիկներ զետեղուեցան Ցեղասպանութեան նուիրուած Խաչքարին առջեւ:










































