Օգոստոս 18 ի առաւօտուն, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իրաքի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հավատարմատար՝ Պրն.  Սթիւին Ֆակենին։

Ողջոյնի խօսքեր  եւ բարեմաղթանքներ փոխանակելէ ետք` հիւրերը առաջնորդուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, ուր ժամանակէ մը ի վեր կը կատարուին հիմնաւոր նորոգութիւններ։ Այնուհետեւ Պրն. ֆակենը այցելեց եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայոց հին  գերեզմանատունը եւ թանգարանը։ Հանդիպման ներկայ եղաւ կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն. Րաֆֆի Եորկոյեանը։

About The Author

By iamc