Օգոստոս 18 ի առաւօտուն, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իրաքի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հավատարմատար՝ Պրն. Սթիւին Ֆակենին։
Ողջոյնի խօսքեր եւ բարեմաղթանքներ փոխանակելէ ետք` հիւրերը առաջնորդուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, ուր ժամանակէ մը ի վեր կը կատարուին հիմնաւոր նորոգութիւններ։ Այնուհետեւ Պրն. ֆակենը այցելեց եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայոց հին գերեզմանատունը եւ թանգարանը։ Հանդիպման ներկայ եղաւ կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն. Րաֆֆի Եորկոյեանը։

















