Երկուշաբթի օր, Օգոստոսի 20-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Կեդրոնական Շրջանի պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Պրն. Եուսիֆ Քազեմ Ճասիմի։ Հանդիպման ներկայ եղաւ կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն. Պերճ Թիւֆէնկճեանը։




