Շաբաթ, Նոյեմբեր 29-ին, Հայոց Առաջին Լուսաւորիչներ Թադէոս և Բարթողիմէոս Առաքեալներու տօնին առիթով, Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի հանդիսապետութեամբ Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին  Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա՝ Սրբազան Հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ «Հայոց Մեծ դարձ» եւ «Սրբոց Նահատակաց» սրբապատկերներու օծման արարողութիւնը։

Արարողութեան ներկայ էին Էրպիլի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արթուն քհն. Խալաթեանը, Տհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ.  Մասիս քհն. Շահինեանը,  Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ սպասաւորող հոգեւորականներ  Տէր Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանը  եւ Տէր Առէն քհն. Մարտիրոսեանը ինչպէս նաեւ հիւսիսային շրջանի տարբեր հայ  համայնքներէն  ժամանած թաղական խորհուրդներու ատենապետերն ու անդամները, սրբապատկերներու նուիրատուն եւ բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Վերջաւորութեան, Սրբազանը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բարերարին եւ ներկայ հաւաքին՝ պատգամելով, որ սրբապատկերներու խորհուրդին հետեւելով միշտ բարձր պահեն մեր քրիստոնէական կոչումը եւ առաքելութիւնը։

Ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ մատուցուեցաւ միասնական սիրոյ ճաշ։

About The Author

By iamc