Երեքշաբթի օր, 23 Դեկտեմբեր 2025-ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց Իրաքի Հանրապետութեան նախագահի համեստափայլ Տիկնոջ` Շանազ Իբրահիմին։ Հանդիպման ընթացքին մեծարգոյ հիւրը ծանօթացաւ տարբեր դաւանանքներու համար ուխտատեղի դարձած Սուրբ եկեղեցւոյ պատմութեան։
Նոր Տարուան և Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ Առաջին Տիկինը Իր սրտաբուխ շնորհաւորանքը յայտնեց Սրբազան Հօր մաղթելով որ Նոր Տարին Իրաքի ժողովուրդին համար ըլլայ Խաղաղութեան, համերաշխութեան և բարեբեր տարի։
Հանդիպման ներկայ եղաւ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն․ Կարապետ Գալուստեանը։



















