Չորեքշաբթի օր, 31 Դեկտեմբեր 2025-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը ընդունեց Պաղտատ մայրաքաղաքի Էլ-Մուսթանսիրիյէ համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւններու ուսանողներ, որոնք այցելեցին Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցին, ծանօթացան անոր պատմութեան և Նոր Տարուայ ու Սուրբ Ծնունդի առիթով իրենց սրտաբուխ շնորհաւորանքները յայտնեցին Սրբազան Հօր։





