Այս Ուրբաթ՝ Յունուար 30-ին, Սուրբ Սարգիսի տօնին ընդառաջ, Արժ. Տ. Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանի ուղեկցութեամբ, հովվապետական այցելութեամբ Հաւրէզք ժամանեց Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական եպս.  Կիւլկիւլեանը։

Առաջնորդ Սրբազանի հանդիսապետութեամբ Հաւրէզի Գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակի կարգ, որմէ ետք Սրբազան Հօր ձեռամբ եկեղեցւոյ նուիրումով ծառայող չորս պատանիներ արժանացան դպրական աստիճանի։ Ներկայ էին  Արժ. Տ. Մասիս քհն. Շահինեանը եւ Արժ. Տ. Յակոբոս քհն. Իսահակեանը։

Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց նոր ձեռնադրուած դպիրներուն եւ ներկաներուն, ապա միասնաբար «Լեւոն փաշա» սրահին մէջ մասնակցեցան Հաւրէզի տիկիններուն կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութեան։

About The Author

By iamc