Այսօր՝ Հոկտեմբերի 25-ին, Հաւրէզքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի ձեռամբ կատարուեցաւ դպրական շապիկներու օրհնութեան արարողութիւն։ Այնուհետեւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Արժ. Տէր Յակոբոս քհն. Իսահակեանի կողմէ։
Աւարտին, Սրբազանը իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց հաւատացեալներուն, ապա զանազան տարիքի դպրոցականներուն բաժնեց թաղական խորհրդի կողմէ պատրաստուած դպրոցական պայուսակներ։
Այս հոգեպարար արարողութեան ներկայ եղան Հաւրէզք գիւղի Թաղականութեան ատենապեն ու անդամները ինչպէս նաև Զախոյի Թաղական Խորհուրդի ատենապետը։



























