Շաբաթ, Յունուար 31-ին, Սուրբ Սարգիսի տօնին առիթով, հանդիսապետութեամբ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.  Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի եւ ձեռամբ Արժ. Տէր Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանի, Հաւրէզի Գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազանին, օծուեցաւ Սուրբ Սարգիս զօրավարի Սրբապատկերը։ Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Հաւրէզի համայնքը Սուրբ Սարգիսի տօնին առիթով եւ իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասն ու բաժինը ունեցած էին Սրբապատկերի ձեռքբերման գործին մէջ։ Արարողութեան մասնակցեցան Տհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մասիս քհն. Շահինեանը եւ Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբոս քհն. Իսահակեանը։ Վերջաւորութեան «Լեւոն Փաշա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական հարիսայի հիւրասիրութիւն։ Ներկայ եղան Հաւրէզքի, Զախոյի, Տհոքի եւ Էրպիլի թաղական խորհուրդի ատենապետները եւ անդամները։

About The Author

By iamc