Այսօր՝ Մայիսի 6-ին, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ննջեցեալ Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Պրն. Ռաֆֆի Եորկոյեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը։ Ներկայութեամբ Իրաքահայ Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը,  Իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, կեդրոնական վարչութեան ատեմապետը եւ անդամները, Տհոքի, Զախոյի, Հաւրէզքի, Քէրքուկի, Պասրայի թաղական խորհուրդի ատենապեները, Հոգեւորականաց դասը, Պաղտատի Հայ Միութենական Հաստատութեան Վարչութիւնները ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-Ի Սկաուտութիւնը։ 

Այս տխուր առիթով Առաջնորդարանս իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ննջեցեալի ընտանիքին եւ հարազատներուն։ Թող Աստուած հանգիստ տայ անոր հոգւոյն։

ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՅՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ.․․․

Լուսանկարները`

Րաֆֆի Էմրի Լուսեան               

About The Author

By iamc