Հանդիսապետութեամբ Իրաքի Հայոց Թեմի  բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի՝ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման   Տօնին առիթով, Ուրբաթ 15 Մայիս 2026ին, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագը մատուցեց սոյն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբոս քհնյ. Իսահակեանը։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որմէ ետք Եկեղեցւոյ բակին մէջ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ։ Այնուհետեւ հաւատացեալները հիւրասիրուեցան «Շիրագ» սրահին մէջ։ Արարողութեան Ներկայ եղան Զախոյի եւ Հաւրէզքի թաղական խորհուրդի ատենապեները եւ անդամները։

About The Author

By iamc