Շաբաթ օր, 30 Մայիս 2026-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը, ընկերակցութեամբ Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Պրն․ Ռուբէն Սողոյեանըի, քահանայից դասուն եւ Պաղտատի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Համայնքապետերուն, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանը։ Պատուիրակութիւնը դիմաւորեց Կաթողիկէ Հայ Համայնքի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ. Ներսէս Արք. Զապարեանը եւ անոնք հանդիպում ունեցան  Նորին Սրբութիւն  Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին հետ։

Լուսանկարները’

Պրն. Վահիկ Աւետիսեան

About The Author

By iamc