Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2026-ի առաւօտեան, Մելենա Իսքենտերեան սրահին մէջ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Պր. Վարդան Մունճուղուլեանին եւ արժանապատիւ քահանայ հայրերուն հետ միասին, ընդունեց Իրաքի խորհրդարանի անդամ եւ «Սոյանա» քրիստոնէական խմբակցութեան նախագահ Պրն. Քըլտօ Ռամզի Օղաննան եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը։
Պրն. Քըլտօ իր խօսքին մէջ հաստատեց, թէ «Սոյանա» խմբակցութիւնը վճռակամ է ամբողջ թափանցիկութեամբ, իրապաշտ եւ շօշափելի կերպով ներկայացնելու իրաքեան քրիստոնէական համայնքի կամքը՝ ծառայելու համար Իրաքին ընդհանրապէս եւ քրիստոնէական ներկայութեան պահպանման՝ մասնաւորաբար։ Ան նաեւ շեշտեց Իրաքի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ համագործակցութեան ուղիներու ամրապնդման կարեւորութիւնը։
Իր կարգին, Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Պրն. Քըլտօն եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան այցելութիւնը՝ ընդգծելով քրիստոնէական բաղադրիչի ազդեցիկ եւ արդիւնաւէտ ներկայացուցչութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ շարք մը կարեւոր եւ առանցքային հարցերու, որոնց շուրջ անհրաժեշտ է աշխատիլ օրէնսդրական եւ գործադիր մակարդակներուն վրայ՝ Իրաքի քրիստոնէական համայնքի ներկայ վիճակը բարելաւելու նպատակով։
Լուսանկարները՝
Պրն․ Վահիկ Աւետիսեան










