Յիւսիսային շրջան տուած իր հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս․Կիւլկիւլեանը, այսօր՝ 10 Յունիս 2026-ին, հանդիպում ունեցաւ Հայաստանէն ժամանած «HRAYRQ FOLK DANCE» պարախումբին հետ, որ պիտի մասնակցի Զախոյի փառատօնի միջոցառումներուն։ Պարախումբը իր ելոյթները պիտի ներկայացնէ Յունիս 10-ին եւ 11-ին, Զախոյի Դալալ կամուրջի հրապարակին մէջ։ Հանդիպման ներկայ էին Զախոյի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Պրն․ Դաւիթ Մարտիրոսեանը եւ Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Յակոբոս քհնյ․ Իսահակեանը։

About The Author

By iamc