Ս. Զատկի Ճրագալոյցի եւ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան Տօները Աւզրուկի Մէջ
16 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի Աւզրուկ Գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ճրագալոյցի եւ Յարութեան Սուրբ Պատարագը։ Ներկայ էին Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։
Ոտնլուայի Եւ Խաւարման Կարգերը Աւզրուկ Գիւղին Մէջ
13 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի Աւզրուկ գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի կարգը, որմէ ետք կատարուեցաւ Աւագ շաբթուան ամենայուզիչ արարողութիւնը՝ Խաւարման կարգը, ի յիշատակ Քրիստոսի մատնութեան եւ չարչարանքներուն։ Սոյն արարողութիւններուն մասնակցեցան՝ Թաղական խորհուրդի վարչութեան…
Նռնօրհնէք Աւզրուկի ՄԷջ
1 Յունուար 2022-ին, Աւզրուկի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ նռնօրհնէքի արարողութիւն ցերամբ Աժ․ Տ․ Տիրան Քհնյ․ Սարգիսեանը որուն յաջորդեց նուէրներու բաշխում գիւղի երեխաներուն։
Խաչվերացի Տօնը Աւզրուկի Մէջ
12 Սեպտեմբեր 2021-ին, Աւզրուկ գիւղի Սբ․ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուեցաւ եկեղեցական վերջին տաղաւար՝ Խաչվերացի տօնը։ Հանդիսապետութեամբ՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ․ Տիրան Քհնյ․ Սարգիսեանի մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ Անդաստան եւ աւանդական ռեհանի բաժանում։ Ներկայ էին Աւզրուկի…
Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Աւզրուկի Մէջ
15 Օգոստոս 2021-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ. Տ. Տիրան Քհնյ. Սարգիսեանի, Աւզրուկ գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, մասնակցութեամբ՝ սակաւագաց եւ դպրաց դասերուն։ Նաեւ կատարուեցաւ Խաղողօրհնէքի կարգը։ Արարողութեան ներկայ էին բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Վկայականերու Բաշխում Աւզրուկ Գիւղին մէջ
1 Յունիս 2021-ին, օրհնութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Տիրան Քհնյ․Սարգիսեանի, Աւզրուկ գիւղին մէջ դերձակութեան դասընթացքի մասնակիցներուն վկայականներ բաշխուեցան:
Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման Տօնը՝ Աւզրուկի Մէջ
13 Մայիս 2021-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին առթիւ, Աւզրուկ գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ։ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց՝ Արժ. Տ. Տիրան քհնյ. Սարգիսեան։ Ներկայ էին բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Հայոց Ցեղասպանութեան Ս. Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչման Ս. Պատարագ Աւզրուկի Մէջ
26 Ապրիլ 2021-ին, Աւզրուկ գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց՝ Արժ. Տ. Տիրան քհնյ. Սարգիսեան։ Ներկայ էին բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Դերձակութեան Դասընթացքներ Աւզրուկ Գիւղին Մէջ
18 Ապրիլ 2021-ին, Աւզրուկ գիւղին մէջ «Պարզանի» կազմակերպութիւնը դերձակութեան դասընթացք մը իրականացուց, գիւղի բնակիչներու արհեստական հմտութիւնները զարգացնելու համար։
Սուրբ Պատարագ Աւզրուկ Գիւղի Մէջ
12 Մարտ 2021-ին, Հանդիսապետութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի եւ ծիսակատարութեամբ՝ Արժ. Տ. Տիրան քհնյ. Սարգիսեանի, Աւզրուկ Գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը անուանուեցաւ «Արմաշ»։ Պատարագին…