Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման Տօնը Էրպիլի Մէջ
26 Մայիս 2022-ին, Էրպիլի Հայ Առաքելական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին առիթով։ Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէն ճաշ-հիւրասիրութիւն հրամցուեցաւ:
Էրպիլի Գրական Եւ Մշակութային Միութեան Անդամներու Այցը Էրպիլի Մէջ ՀՀ Հիւպատոսութիւն
29 Ապրիլ 2022-ին, Էրպիլի Գրական եւ Մշակութային Միութեան ատենապետն ու անդամները այցելեցին Էրպիլի մէջ ՀՀ հիւպատոսութիւն, անոնց ընդունեց ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Պրն․ Արշակ Մանուկեան: Հիւրերը՝ նախ շնորհաւորեցին Պրն. Մանուկեանը Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ։ Ապա՝ ներկայացուցին միութենէն ներս կազմակերպուող մշակութային,…
Ձեռնարկ Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչման Էրպիլի Մէջ
22 Ապրիլ 2022-ին, կազմակերպութեամբ՝ Էրպիլի Հայ Մշակութային եւ Ընկերային Միութեան վարչութեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 107 ամեակի ոգեկոչման։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ միութեան վարչութեան կողմէ՝ Պրն․ Հրանդ Վարդանեան, այնուհետեւ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ, ուր իրենց մասնակցութիւնը…
Զատկական Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Էրպիլի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ
17 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արթուն Քհնյ․ Խալաթեանի, Էրպիլի Հայ Առաքելական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առթիւ, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Ներկայ էին ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Պրն. Արշակ Մանուկեան եւ հիւպատոս Պրն․ Անդրանիկ…
Աւագ Ուրբաթը Էրպիլի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ
15 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արթուն Քհնյ․ Խալաթեանի, Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան եւ թաղման կարգ։
Ոտնլուայի Եւ Խաւարման Կարգերը Էրպիլի Մէջ
14 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արթուն Քհնյ․ Խալաթեանի, Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, կատարուեցաւ Ոտնլուայի կարգը, որմէ ետք Աւագ շաբթուան ամենայուզիչ արարողութիւնը՝ Խաւարման կարգը, ի յիշատակ Քրիստոսի մատնութեան եւ չարչարանքներուն։ Սոյն արարողութիւններուն մասնակցեցան՝ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Պրն. Արշակ Մանուկեան…
Ծաղկազարդի Տօնը՝ Էրպիլի Մէջ
10 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արթուն Քհնյ․ Խալաթեանի Էրպիլի Հայ Առաքելական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած Սուրբ եւ անմահ Պատարագ, ապա Դռնբացէքի արարողութիւնը։ Ներկայ էին բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ։
Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Էրպիլի Մէջ
13 Փետրուար 2022-ին, Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը: Հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արթուն քհնյ. Խալաթեանի, կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն աւարտին Տէր Հօր ձեռամբ տօնական ճրագը ժողովուրդին փոխանցուեցաւ, ապա թափօրին եւ հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ՝ դուրս բերուեցաւ…
Պետական Այրերու Այցը Էրպիլի Սուրբ Խաչ Եկեղեցի
1 Փետրուար 2022-ին, Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցի այցելեցին Քիւրտիստանի շրջանի խորհրդարանի անդամներէն եւ վարչապետական խորհուրդին պատկանող յանձնախումբի անդամները, որոնց կ՛ուղեկցէր Քրիստոնէական հարցերու տնօրինութեան ներկայացուցիչը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան եկեղեցւոյ վերաբերող հարցեր, նաեւ նոր սրահի եւ դպրոցի կառուցման հետ կապուած խնդիրները։
Հայ Հոգեւոր Երաժտութիւնը Ասորի Համայնքի Սբ․ Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Մէջ
25 Յունուար 2022-ին, Էրպիլի մէջ Ասորի համայնքի Սբ․ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր ձեռնարկ, ուր ի թիւս այլոց Էրպիլի Սբ․Խաչ եկեղեցւոյ Սակաւագաց եւ Դպրաց Դասերը իրենց ուրոյն մասնակցութիւնը ունեցան գերազանցօրէն ներկայացնելով Հայ հոգեւոր երաժտութիւնը։ Ներկայ էր Սբ․ Խաչ եկեղեցւոյ…