Category: ԷՐՊԻԼ

Ոտնլուայի Եւ Խաւարման Կարգերը Էրպիլի Մէջ

14 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արթուն Քհնյ․ Խալաթեանի, Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, կատարուեցաւ Ոտնլուայի կարգը, որմէ ետք Աւագ շաբթուան ամենայուզիչ արարողութիւնը՝ Խաւարման կարգը, ի յիշատակ Քրիստոսի մատնութեան եւ

Ծաղկազարդի Տօնը՝ Էրպիլի Մէջ

10 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արթուն Քհնյ․ Խալաթեանի Էրպիլի Հայ Առաքելական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած Սուրբ եւ անմահ Պատարագ, ապա Դռնբացէքի արարողութիւնը։ Ներկայ էին բարեպաշտ

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Էրպիլի Մէջ

13 Փետրուար 2022-ին, Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը: Հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արթուն քհնյ. Խալաթեանի, կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն աւարտին Տէր Հօր ձեռամբ տօնական

Պետական Այրերու Այցը Էրպիլի Սուրբ Խաչ Եկեղեցի

1 Փետրուար 2022-ին, Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցի այցելեցին Քիւրտիստանի շրջանի խորհրդարանի անդամներէն եւ վարչապետական խորհուրդին պատկանող յանձնախումբի անդամները, որոնց կ՛ուղեկցէր Քրիստոնէական հարցերու տնօրինութեան ներկայացուցիչը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան եկեղեցւոյ վերաբերող հարցեր,

Հայ Հոգեւոր Երաժտութիւնը Ասորի Համայնքի Սբ․ Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Մէջ

25 Յունուար 2022-ին, Էրպիլի մէջ Ասորի համայնքի Սբ․ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր ձեռնարկ, ուր ի թիւս այլոց Էրպիլի Սբ․Խաչ եկեղեցւոյ Սակաւագաց եւ Դպրաց Դասերը իրենց ուրոյն մասնակցութիւնը ունեցան

Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Էրպիլի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

16 Յունուար 2022-ին, Գլխաւորութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Էրպիլի Հայ Առաքելական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Ներկայ էին ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Պրն.

Ս․ Ծննդեան Պատարագ Էրպիլի Մէջ

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 6 Յունուար 2022 թուականին, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Քիւրտիստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ եւ

Նուէրներու Բաշխում Էրպիլի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

26 Դեկտեմբեր 2021-ին, Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագի աւարտէն ետք Ամանորի եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Էրպիլի Հայոց համայնքի Թաղական խորհուրդը եւ Տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեցին