18 Յունուար 2021-ին, Զախոյի Թաղական խորհուրդի անդամները կազմեցին Գրական Եւ Մշակութային յանձնախումբ մը: Ընտրութեան արդիւնքով նոր յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան՝ ճարտարապետ Վարդանուշ Հայրիկ Մարգոսեան, Տիկ. Արաս Սերոբ Պետրոսեան, Օրդ․ Նայիրի Պաշիր Յակոբեան, ճարտարապետ Լեւոն Հայկազ Պակոյեան, Պրն․ Արազ Հայկազ Յարութիւնեան, Ճարտարապետ Պր․ Լեւոն Վարդան Օհաննեան եւ Պրն․ Յովսէփ Վարանդ Ղազարեան։ Յանձնախումբը կեանքի կոչուեցաւ Զախոյի հայ համայնքի երիտասարդներուն ներկայացնելու եւ անոնց մէջ խորացնելու հայ գրականութիւնը եւ հայկական մշակոյթը։