ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԶԱԽՕ

Տեղի Ունեցաւ Զախոյի Գրական Եւ Մշակութային Յանձնախումբի Առաջին Նիստը

22 Յունուար 2021-ին, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ նորակազմ  Գրական եւ Մշակութային յանձնախումբը գումարեց  իր առաջին նիստը։ Նիստին ներկայ էին Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տէր Մասիս Քհնյ․ Շահինեան, Թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն․ Դաւիթ  Մարտիրոսեանը եւ անդամները, ինչպէս նաեւ շարք մը երիտասարդներ: Նիստին ընթացքին ատենապետը  երիտասարդներուն  ներկայացուց յանձնախումբի անդամները, որուն յաջորդեց ճարտարապետ Օրդ․  Վարդանուշ Մարկոսեանի խօսքը, ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ յանձնախումբին  նպատակներուն եւ առաքելութեան։ Աւարտին Տէր հայրը շնորհաւորեց յանձնախումբի անդամները փոխանցելով անոնց թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ  Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի Հայրական օրհնութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author