ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԶԱԽՕ

Զախոյի Գրական Եւ Մշակութային Յանձնախումբի Շաբաթական Հանդիպումը

5 Փետրուար 2021-ին, Զախոյի Գրական եւ Մշակութային յանձնախումբը գումարեց շաբաթական իր հերթական հանդիպումը: Հանդիպման ներկայ էին Քուրտիստանի շրջանի խորհրդարանի անդամ Պրն․ Վահիկ Սարանեան, Իրաքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ Պրն․ Վարդան Վարդանեան, վարչութեան անդամներ Պրնք. Գէորգ Գատոյեան եւ Կարապետ Գալուստեան, Զախոյի Թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն․ Դաւիթ Մարտիրոսեան, վարչութեան անդամ Պրն. Յովսէփ Հատարեան, ինչպէս նաեւ համայնքի զաւակներէն։ Հանդիպման ընթացքին «Գիտական խրատներ» խորագիրով դասախօսութիւն կարդացին յանձնախումբի անդամներ՝ ճարտարապետ Պրն․ Լեւոն Հայկազ եւ ճարտարապետ Պրն․ Լեւոն Վարդան Օհանեան։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: