ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԻՀԲԸՄ

«Սայաթ Նովա» փոքրերու Անսամպլի Ելոյթը ԻՀԲԸ Միութեան Մէջ

Հովանաւորութեամբ՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի 30 Հոկտեմբեր 2021-ին,  միութեան գեղարուեստական յանձնախումբը երեկոյ մը կազմակարպեց նուիրուած ԻՀԲԸ Միութեան 110 ամեակին: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ  միութեան Թաճիրեան սրահին մէջ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Պրն․ Պօղոս Մարտիրոսեան,  ապա ազգային պարերով եւ երաժշտութեամբ հանդէս եկաւ «Սայաթ Նովա» փոքրերու անսամպլը։ Օրուան ներկայ էին՝ ՀՀ դեսպանատան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Արշակեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն, միութիւններու վարչութեան ներկայացուցիչները եւ համայնքի զաւակներէն։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author